2009-02-08 14:21:22

Պենետիկտոս ԺԶ Քահայանապետին քառասնորդացի պատգամը`Նորին Սրբութիւնը հաւատացեալները կը հրաւիրէ բացուելու տառապողներուն։


RealAudioMP3 Պենետիկտոս ԺԶ Քահայանապետին քառասնորդացի պատգամը`Նորին Սրբութիւնը հաւատացեալները կը հրաւիրէ բացուելու տառապողներուն։



2009ի քառասնորդացի պատգամին մէջ, նուիրուած ծոմապահութեան, Պենետիկտոս ԺԶ Քահայանապետը կը հրաւիրէ հաւատացեալները գիտակցութիւն ունենալու շատ մը եղբայրներու դիւրաբէկ կացութեամբ։ Շատ մը մեր եղբայրները դժուար պայմաններու մէջ կը գտնուին, մենք կանչուած ենք անոնց բացուիլ եւ ի հարկին օգնութեան հասնիլ։ Սրբազան Քահայանապետը 2009ին համար քառասնորդացի համար ընտրեց որպէս բնաբան Մատթէոս աւետարանիչի սա խօսքը. Յիսուս 40 օր եւ 40 գիշեր ծոմ պահեց եւ անօթեցաւ։

Սրբազան Հօր համար քառասորդացը բարեպատեհ առիթ մըն է վերաժեքաւորելու ճշմարիտ ապաշխարութեան եւ ծոմապահութեան նշանակութիւնը, կարող մահացուցանելու մեր եսասիրութիւնը եւ բանալու մեր սրտերը Աստուծոյ եւ մերձաւորի սիրոյն։

Արդարեւ, Սրբազան Քահայանապետին համար , ծոմապահութիւնը կարող է մեզ գիտակից դարձնել մեր շատ մը եղբայրներու դժուար կացութեան եւ հետեւելու բարի սեմարացիի օրինակին, որուն սիրտը շարժեցաւ ի տես տառապեալ եղբօր կացութեան։ Գիտակցաբր ինքզինքնիս զրկելով բանէ մը որպէսզի ուրիշին օգնութեան հասնիլ, այսպէսով դրապէս կ՛ապացուցանենք թէ մերձաւորը օտար մը չէ, կը հաստատէ Սրբազան Հայրը։

Հետեւաբար Պենետիկտոս ԺԶ Քահայանապետը կը հրաւիրէ ժողորդապետութիւնները ու եկեղեցական բոլոր հասարակութիւնները կրկնապատկելու քառասնորդացի ժամանակ ծոմապահութեան կիրարկումը եւ աւելի ուշադիր ըլլան Աստուծոյ խօսքին ունկնդրութեան, աղօթքին ու ողորմաբաշխութեան։ Սրբազան Հայրը մասնաւորապէս կը քաջալերէ հաւատացեալները աղքատին տալու այն ինչ որ ծոմապահութեան շնորհիւ կարողացանք մեկդի դնել եւ ժողովրդապետութիւններէն կը խնդրէ որ կազմակերպեն յատուկ դրամահաւք։

Ապա Նորին Սրբութիւնը դիտել տուաւ թէ մեր օրերուն ծոմապահութիւնը կերպով մը կորսնցուց իր անցեալի հոգեւոր նշանակութիւնը, քանի կ՛ապրինք ընկերութեան մը մէջ յատկանշուած նիւթական բարօրրութեան փնտռտուքով եւ այսպէսով ծոմապահութիւնը դարձաւ միջոց խնամելու մարմինը, մինչ ծոմապահութեան նպատակն է համակերպիլ Աստուծոյ կամքին։ Նիւթէական բարիքներէն հրաժարիլը կը տրամադրէ մարդը Քրիստոսի անսալու եւ անոր ետեւէն երթալու։ Ծոմապահութիւնը հոգեւոր զէնք մըն է կրուելու մեր անկարգ հակումներու դթմ

Հուսկ Սրբազան Հայրը կը մաղթէ որ քրիստոնեայ ընտանիքները ու եկեղեցցական հասարակութիւնները վերապրին քառասնորդացը որպէսզի քրիստոնեայ հասարակութիւնը քառասնորդացի աւարտին հաւատքով աւլեի զօրացած ըլլայ եւ աւելի պատրաստակամ` օգնութեան հասնելու։ Քառասնորդացի յետին նպատակն է յոժարակամ նուիրուլ Աստուծոյ։

Յայտնենք թէ Քրիստոնեաներու համար, քառասնորդացի շրջանը ապաշխարութեան, աղօթքի ու բաժանումի ժամանակ է ի պատրաստութիւն Քրիստոսի փառաւոր Յարութեան։ Այս տարի քառասնորդացը կը սկսի, հայերուս համար, երկուշաբթի փտրուար 23ին` Օր Մխրոցով։

իսկ Այժմ լսելի կ՛ընենք արհիապատիւ Պետրոս արքեպիսկոպոս Մրէաթփանի մեկնաբանութիւնը Սրբազան Քահայանապետի քառասնորդացի պարգամին։ RealAudioMP3








All the contents on this site are copyrighted ©.